Սինկափուրի հայկական եկեղեցին արտասահմանեան զբօսաշրջինկերու ամենասիրելի վայրերէն մէկն է:
Սինկափուրի մէջ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին, որ կառուցուած է 1835 թուականին իռլանտացի ճարտարապետ Ճորճ Քոլմանի նախագիծով, զբօսաշրջիկներու ամենասիրուած տեսարժան վայրերէն է: Այնտեղ ամէն օր կ’այցելէ աւելի քան 100 մարդ, armeniasputnik.am-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ Սինկափուրի Straits Times պարբերականը:
Շարունակելով խօսիլ Սինկափուրի հայերուն եւ հայկական եկեղեցւոյ մասին` Straits Times-ը կը յայտնէ, որ անցած հարիւրամեակի 70-ական թուականներուն Սինկափուրի յայտնի հայերու շիրմաքարերը Պուկիտ Թիմահ գերեզմանոցէն տեղափոխուած են եկեղեցւոյ տարածք, որուն հարեւանութեամբ պանթէոն հիմնուած է: Եկեղեցին եւ կից տարածքը ներառուած է Սինկափուրի պատմական յուշարձաններու ցանկին մէջ:
Այժմ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին վանահայր չունի: Տարին մէկ անգամ այստեղ ժամերգութիւն կը կատարէ տէր Զաւէնը, որ Սինկափուր կու գայ Մեանմայէն:
Սինկափուրի մէջ, ուր այժմ մօտ 100 հայ կ’ապրի, նաեւ կը գործէ Հայկական ժառանգութեան անսամպլ, որմով հետաքրքրուած են ոչ միայն հայերը, այլեւ սինկափուրցիները, կը նշէ պարբեկականը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |